2014-04-10 10:22:14

Ոչ եւս Է Քաղտէացիներու երբեմնի Պատրիարք` կարտինալ էմմանուէլ Գ. Տէլլի։


Չորեքշաբթի, 9 ապրիլին, Քաղտէացիներու երբեմնի Պատրիարք կարտինալ էմմանուէ Գ. Տէլլի, մահկանացուն կնքեց, 87 տարեկանին, Քալիֆորնիայի՝ հիւանդանոցի մը մէջ։
Կարտինալ էմմանուէլ Գ. ծնած է Թէլքաիֆ (Իրագ) 27 սեպտեմբեր 1927-ին։
Ան Աստուածաբանական ուսումը աւարտած է Հռոմի Քահանայապետական Ուրպանիանա համալսարանին մէջ ։ Քահանայ ձեռնադրուած է` 21 դետկտեմբեր 1952-ին, ձեռամբ Կարտինալ Ֆումազոնի Պիոնտիին Հռոմի մէջ ։
30 դեկտեմբեր 1960 ին ան կը վերադառնայ Պաղտատ ուր կը վարէ Պատրիարքին՝ քարտուղարի պաշտօնը։
7 ապրիլ 1962-ին կ՛ընտրուի Պօղոս Բ. Շէյխօ պատրիարքին տեղակալ։
19 ապրիլ 1963-ին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը, եւ այդ տարիներուն կը մասկակցի Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին։
3 դեկտեմբեր 2003-ին, Քաղտէացի եպիսկոպոսական դասը` գերապայծառ էմմանուէլ Գ. Տէլլին կ՛ընտրէ որպէս Քաղտէացի Եկեղեցւոյ Պատրիարք ։








All the contents on this site are copyrighted ©.